ԿԸ ՔԱԼԵՆ ԱՌԱՋ
Դաժան օրերուն այս,
Դաժան պահերուն մեր,
Երբ խաժամուժին ընդմէջէն
Վակոնները շոգեկառքին կը յառաջանան արագ,
Երբ գալիքի պահերը թուխպ
Երկունքի ցաւերով են յղի,
Երբ մարդը՝ երկնքի ու երկրի
Ահեղ մարտին մէջ նետուած էակ մըն է անիծեալ,
Մինչ սեւն ու սպիտակը միաձուլուած,
Անշունչ պատկեր են նկարիչի պաստառին վրայ.-
Կը քալեն ամբոխները առաջ
Յոյսի մը, ապաւէն լաստի մը պատրանքով,
Նոր ուղիներու որոնումի
Յորձանուտին մէջ նետուած ակամայ:
Երբ ճապաղ առօրեան իրենց օրագիրն է միանուագ,
Ու սերմը պտուղին՝ այլոց ձգուած բարիք մնայուն,
Կը նային ետեւ, կը նային առաջ,
Ու մշուշն է միշտ հորիզոնը ծածկած,
Բայց դեռ կը յուսան,
Դեռ կը տագնապին,
Դեռ կը քալեն առաջ...
2012
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 15-2012, էջ 47։