ԿԻՆԸ
Մարմնին տարփանքները զէնք է, ուժեղ.
Մելամաղձոտ նայուածքները վահա՜ն ամրակուռ.
Կի՜նն է: Ամէն քայլափոխի ու պահու
Կը դիմագրաւենք անոր հրաշքը դիւթական,
Կ’ընկճենք սիրոյ յաճախանքը,
Որ հրէշի մը նման կը կանգնի մեր ներսիդին,
Կը տենչայ մէ՜կ բան միայն.
Անոր տիրացումը՝ հեթանոսական...
Երբ կը սիրես... կի՜նն է. գերո՜ղ, ներկա՜յ միշտ:
Ու երբ կ’ատես... ա՜ն է. արմատը չարին:
Ներկայ է կեանքիդ մէջ որպէս
Տիրական ուժ գերիվեր, անփոխարինելի.
Առանց անոր կեանքը ունայնութիւնն է մեծ,
Անոր հետ, տառապա՜նք անվերջ...
Գոյութիւնը իմաստաւորող, հերոսացնող,
Ու այնքա՜ն լլկող, ստրկացնող
Կրկնակի դերին հերոսուհին է ան...:
1985