ԿԷՍԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԳՐԳԱՆՔ
Կը տեսնե՞ս լուսինը հեռո՜ւն, սիրելիս,
Ինչքան նայինք՝ կարծես կը մօտենայ մեզի աւելի´,
Կը դառնայ աննշան, անհրապոյր կէտ միա´յն երբ
Մեր մտածումները պահ մը իրարմէ գժտուին,
Ու մեր կիրքերը մտնեն մահաքուն:
Ա՜յ այդ լուսինն է, որ մեզ կը միացնէ իրար,
Երբ տարբաղադրուած սրտերով
Մեր աչքերը փառին անոր երկա՜ր,
Կ'անէանան բոլոր տարածքները մեզ բաժնող,
Կ'անշքանան անդունդներն ու վիհերը
մեզ տարանջատող:
Կը տեսնե՞ս, սիրելիս, եւ այն աստղը աղօտ,
Որ անձկութեամբ կը թափառի անոր շուրջ.
Ա՜յ, այդ կարօ՜տն է, որ կը մղէ մեզ իրարու,
Ամէն անգամ որ լոյսն իր ճարճատի.
Կը տեսնե՞ս ինչքա՜ն հաւատարիմ
Աստղն այդ կը պարէ իր պարը անհունին մէջ,
Ինչպէս կը պարենք մենք մեր պարը միասին
Երբ մեր աչքերը յառին հեռո՜ւն, այդ սիրերգին,
Ու միանան մեր սրտերը գիշերուան այդ գրգանքին:
Կը լսե՞ս ձայնը շաղփաղփոտ մեր անարգել պարին...