ԿԵԱՆՔԸ ՔՕՂԱՐԿՈՒԱԾ
Կ’ուզեմ չփախչիլ այս ճակատագրէն անողոք,
Բայց եւ կ’ուզեմ ապրի՜լ
Արծուի մը նման լեռներու բարձունքին,
Աստղերուն նման պսպղուն ու անհոգ:
Ամէն ոք բան մը կ’ուզէ այս աշխարհէն,
Իր կեանքին մէջ կարճատեւ,
Ու ամէն ոք լաւը կ’ուզէ այս կեանքէն,
Բայց լաւը՝ կարծես հեռաւոր արեւն է,
Կարծես անհասանելի գաղտնիքն է խորհրդաւոր:
Ամէն ոք կ’ուզէ ապրի՜լ
Ինչպէս վայել ըլլար մարդուն հրաշագործ,
Բայց մահն է ամէն քայլափոխի,
Տխրութեան թանձր մշուշն է պատած,
Փշաթելեր միշտ մեր շուրջ բարձրացած.
Կ’ուզենք չփախչիլ մեղկ իրականութենէն
մեզի վիճակուած,
Բայց կեանքը կ’ուզենք շէնշող ու պարզ.
Ո՜հ, մարդիկ այս աշխարհի,
Կեանք տուէք որ ապրի՜նք,
Անողոք աշխարհ է
Չունի չափանիշ, ըմբռնում լաւի.
Այսօր մենք, վաղն ուրիշներ
Պիտի անցնին այս աշխարհէն անհիւրընկալ,
Պիտի չկարենան դուրս գալ
Իրենց վիճակուած պատրանքներէն փշրուած,
Նետուին պիտի լուսանցքին այս աններող աշխարհին,
Ո՜հ, չըսենք կլանող փոսին մէջ խաւա՜ր...:
1989