ԿԵԱՆՔ
Կեանքը մարդոց տառապանք մըն է անսահման.
Մահն է ի վերջոյ յաղթական.
Ընտրութեան հարց չէ, դիպուած ալ չէ,
Մեծ առեղծուած մըն է գոյութիւնն այս տարապայման:
Ալեկոծ ովկիան մըն է ընթացքը կեանքին
ժամանակաւոր,
Կը խլէ ու կը տանի ինչ կայ սիրելի, արժանաւոր.
Դժբախտութիւնը միշտ, ցաւն ալ անտանելի, ահաւոր,
Տառապանքն է գերագոյն յաղթականը երկրաւոր:
Օ՛ն մահ, պատրաստ ենք ճակատագրին
անհարցադրելի,
Աստ հանգչի սիրտ մը երազող, սիրող,
Գնա՛ աւետել աստուծոյդ նոր յաղթանակդ անյեղլի,
Մենք կը մնանք մարդեր հողեղէն, վաղուան
հաւատացող:
1987