ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԴԵՌ...
Երբ շուրջդ ամայի է
Ու դուն քեզ կը զգաս շրջափակուած,
Ամէն քայլի ու քայլափոխի՝
Նոյնանման արահետներ կը խաչաձեւեն զիրար,
Երբ մայրամուտը հրաժեշտ կու տայ երկնքին մռայլ,
Միտքն ու հոգին կը բանին ինքնանպատակ,
Թռչուններու ճախրանքը նախանձ կը գրգռէ անդադար,
Ո՞ւր նայիս պիտի, երբ աչքերդ մշուշապատ՝
Չեն կարող տեսնել հորիզոնը հեռահար,
Ու դեռ անդին... ապագան՝ տարտամ։
Երբ քաոսը հոգւոյդ մէջ՝
Արգելք է հիմա, լսելու տրամաբանութեան սլաքը ուղղիչ,
Ու հոգւոյդ խայտանքը ղօղանջ մըն է թախծոտ,
Որոնումն ու քայլերը՝ մտամարզանք մը ունայն,
Ու բախտին քմայքը՝ հոգեմաշ կատակ,
Երբ կը փնտռես Աստուածդ, որ հեռո~ւ է այնքան,
Ու ձեան փաթիլները քու վերեւ տաղտուկ միանգամայն,
Ինչո՞ւ կապանքները ձանձրոյթի ու յուսալքութեան
Կը սպաննեն կամքիդ բջիջները համակ.
Ո՞ւր մոռցար կողմնացոյցդ, խե~ղճ ապիկար,
Ու դարձար անոգի, անհեթեթին գործակատար,
Երբ կար երա~զ ու պատրանք, անհուններուն ընդառաջ,
Ո՞ւր լքեցիր կողմնացոյցդ յստակ, ու եղար
Անելին դիմաց՝ ընկրկող ու տկա~ր.
Երբ շուրջս համակ շրջափակ ու ամայութիւն համատարած,
Երբ ժխորն է տիրապետող ձայնը միմիայն,
Երբ կողմնացոյցը կորսնցուցած կը տուայտիմ շուարած,
Կը նայիմ ձեզի~
Ու կը տեսնեմ կեանքը՝ կը շարունակուի դեռ...
ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 21- 2014, էջ 36։