ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ
Խոպան է արտը
Ու սակաւ՝ մշակները,
Դաշտերուն պատած է երաշտ
Ու ամայութիւն համատարած։
Հոգիներուն մէջ կայ սով ու երաշտ
Ու ամայութիւն համատարած:
Կը հեռանան հիները երախտաշատ
Ու ժլատ է բերքը մարդու տեսակին։
Խոպան է արտը
Ու սակաւ՝ մշակները:
Յարափոփոխ օրերուն հետ
Կը մթագնի հորիզոնը,
Վիհը կը խորանայ,
Ամայութիւն կը տիրէ, խո~ր խաւար:
Խափանուած արեւին անձկութիւնը՝
Բարձրագոչ պահանջք է հիմա։
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 21: