ԿԱՐՕՏԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Կիզիչ օր մը ամրան

Հեռացար դուն ընդհուպ,

Առանց խօսքի ու լացի,

Այլեւ համբոյրով մը ջերմ:

Ու այն օրէն ասդին,

Հոգւոյս մութ ծերպերուն մէջ

Կայ կարօտի կսկիծ մը,

Զիս մաշեցնող ու հիւծող:

Հեռացա՜ր դուն արագ.

Այն պահուն, երբ էիր

Մխիթարութիւնս միակ,

Ողջ նպատակը իմ գոյութեան:

Ու լլկումի այս երեկոյին,

Քե՜զ կը ցանկամ, պաշտելիս,

Բայց դուն հեռունե՜րը կը ճախրես,

Մի գուցէ նոր սէրեր կ’որոնես...

Եթէ դաւաճանես սիրոյ մեր ուխտին,

Սէրս թող ըլլայ կտակս վերջին.

Քեզմէ վերջ ինձ կը սպասէ

Ապերախտ գոյութիւն մը միայն...:

1985