ԿԱՐՕՏ

Այս գիշեր կ’ապաւինիմ քեզի,

Հոգիս մերկ կը դնեմ քու առջեւ

Ինչպէս ողջակէզը՝ բագինին վրայ.

Ընդունէ՜ զիս կարօտով մը հի՜ն,

Ու սիրէ՜ նոր հուրով մը ջերմ:

Օտարական մըն եմ այս երկրի վրայ,

Թշուառ անցո՜րդ մը պատահական.

Ընդունէ՜ զիս յարկէդ ներս լուսաւո՜ր,

Ու մխիթարէ՜ տառապած հոգիս:

Գուցէ ճանապարհս շատ երկա՜ր ըլլայ.

Գուցէ երբէք չհասնիմ վաղուան լոյսին.

Գէթ մէկ գիշեր պահէ զիս քեզի մօտիկ,

Ու սիրոյ նոր խաբկանք մը տուր:

Այս գիշեր սիրէ՜ զիս

Անցեալի անհո՜ւն, անկե՜ղծ սիրով...

1985