ԿԱՐՃ ՊԱՀ ՄԸ ՄԻԱՅՆ

Թանձր անորոշութենէն

Ու մեղկ մենութենէն ազատագրուած,

Հոգիս ուրա՜խ է այս գիշեր.

Սէր, խինդ ու ծիծաղ կը բուրէ

Հոգւոյս խորերը տարտամ...


Երա՞զ, բնական պատահա՞ր, թէ՝

Հրաշք մը սխալ հասցէագրուած...

Չեմ գիտեր:

Բայց գիտեմ ու կը հաւատամ

Տարօրինակ ու հաճելի այս երազին վա՜ռ,

Կը խնդրեմ՝ խնայէք ինծի

Գէթ մէկ անգամ.

Թոյլ տուէք նոր սիրոյս, որ ապրի՜,

Կայծ տուէք հոգւոյս, որ բոցավառի.

Գեղեցիկը կարճ պահ մըն է, անցողակի...

Կա՜նգ առ, ժամանակ,

Կա՜նգ առ եւ դո՜ւն, տրտմութիւն,

Իրաւունք տուէք հանգած փոսին

Որ տակաւ լիանայ,

Այսօր բախտի մէկ ժպիտն է միայն.

Չհաւատաք, վերջը չէ սա.

Թէեւ անհուն է ու միստիկ ուժ,

Բայց եւ երա՜զ մը՝ շուտով պիտի մարի:


Հաւատք տուէք վաղուան, որ ապրիմ,

Սէրս իրաւունքս է այս կեանքէն խաբուսիկ:

1986