ՔԱՐԱՑԱԾ ԽՕՍՔ
Խօ՞սք, ի՞նչ խօսք:
Ի՞նչ ըսել երբ խօսքը դարձած է
Լո՜ւռ տառապանք ու մորմոք:
Ի՞նչ ըսել երբ խիղճը վերածուած է
Քա՜ր ու անզիջող գործիքի,
Մարդը վերածուած է մեքենայի,
Ու կեանքը՝ աննպատակ, հա՜մր խարխափանքի...
Կ’ուզեմ պոռթկալ ճակատագրին դէմ,
Բայց գրիչս կը մնայ ապիկար,
վիշտերէն՝ քարացած.
Կ’ուզեմ պարզել մեր ողբերգութիւնը մեծ,
Նկարագրել իր ամբողջական մերկութեամբ,
Բայց կը մնամ ամուլ ու համր,
Ականատես մը, մերթ ամբոխին մասնակից,
մերթ ամբոխէն գժտուած...
Ի՞նչ ըսել մեր ներկային մասին
Երբ խօսքը դարձած է առեւտուրի միջոց,
Մարդոց կեանքը, ինչքն ու պատիւը դարձած են
սակարկութեան առարկայ,
Ժողովուրդի մը ճակատագիրն ամբողջ
Կախեալ է վճիռէ մը մեղկ,
Խաւար քուլիսներու մէջ հիւսուած.
Խօսքը միջոց մըն է իրողութեան քօղարկման,
Պատնէշ մը՝ մարդոց միջեւ կղզիացած:
Ի՞նչ ըսել երբ բառերը կը մնան անզօր՝
Նկարագրելու ճշմարտութիւնը ահաւոր,
Անդին՝ պատկեր մը կ’ընէ զայն գերազանցօրէն:
Ի՞նչ ըսել երբ անորոշին մէջ նետուած
Կը փորձենք մեր էութիւնը հասկնալ,
Մեր համոզումները արտայայտել,
Բայց չենք կրնար ժամանակին դիմաց կանգնիլ
Ու ըսել՝ որքան անգո՜ւթ է ան...
Ի՞նչ ըսել, երբ այլեւս տէրը չենք
Մեր քաշքշուած գոյութեան...
1988