ՊԱՏՐԱՆԱԹԱՓ ՍԻՐԱՄԱՐԳԻ ՆՄԱՆ...

Սիրամարգի բեհեզեայ հանդերձանքով

Անմեղ աղաւնիի կերպարանքը նուաճած,

Կը տողանցէ յամրաքայլ, իմաստա~կը մերօրեայ,

Գոհունակ ժպիտ մը դէմքին,

Եթէ նայիս՝ պիտի շիկնի,

Իր հմայքին հաճոյասիրութենէն առինքնած։

Պիտի ուզէր հաւատալ

Ազնուակա~ն արիւն կրելու մեծամիտ խաբկանքին,

Պղատոնի մը, նորօրեայ ընձիւղումը ըլլալու

ցնորային պատրանքին.

Գուցէ սխալած չըլլար,

Կոյրերու թագաւորութեան մէջ, երբեմնի,

Բայց մեր դարուն, լոյսի ու գիտութեա~ն,

Կեղծիքը՝ հայելիին մէջ կը ցոլայ ինքըստինքեան…

Անցա~ծ են օրերը՝ կարճատեսութեան,

Երբ կռկռան գորտերուն մարդիկ ունկ դրած

զմայլանքով կը հիանային,

Բայց եւ այնպէս,

Պատրանաթափ սիրամարգը կը շարունակէ

Սոնքալ իր երբեմնի փառքին հաւկուրութեամբ.

Ահա կրկին անգամ,

Իմաստուն Սողոմոնի հաւակնոտութեամբ,

Կը պատգամէ մարդոց՝ արժէքներէն ոգեղէն,

Բարոյախօսական առաքինութիւններէն՝ ազնիւ ու վեհ,

Կեանքի ու մահուան խորհուրդներուն,

Մեծին ու փոքրին հարցերուն տիրապետել կարծող

ՙ«Հմուտ մագիստրոսը՚» անզուգական,

Ծիծաղն ու հեգնանքը գրգռելով իր շրջապատին։

Նմաններուն, պէտք է կրկնակի յորդորել

Աւետարանին պատուէրով՝

Իրենց «մարգարիտները» զուր տեղ չթափել

ՙ «խոզակերպ» մարդոց առջեւ…

Ու խնայեն մարդոց իրենց հիւանդագին ախտերէն,

Այլեւ, գերակայութեան բարդոյթէն գինովցած

Իրենց նման սքիզօ‎Ֆրենիք կերպարներէն, որ աւա~ղ

Դեռ կը վխտան ընդ երկա~ր աշխարհիս երեսին…

Առ այդ, երանելի~ հանդիսաւորութեամբ,

Այծետոտիկ քայլերով ծեքծեքուն պիտի շրջին

Դանայան սիգաճեմ տակառներու նման

Դատարկութիւնն իրենց բոժոժի վերածած,

Կեղծ որբէոսները մեր քաղաքի…

Խաւարամիտ տիպարներն այդ կը սիրեն շոյուիլ,

Իրենց ինքնասիրութեան կա~յծ է պէտք շարունակ.

Այլապէս, կը խելագարին ու կը դառնան կատաղի…

Կը նզովեն աշխարհ ու մարդիկ,

Կը դաւեն աջ ու ձախ անհաշիւ, մղումով մը բնական,

Դառնալով իրենց շրջապատի պատուհասը ցաւալի.

Անո~նք, գիշերային գազազած գիշատիչներու,

Փանտորայի տուփէն փախած նենգ իժերու նման

Պիտի թոյն ու պալար սփռեն չորսդին,

Պիտի յոխորտա~ն,

Պիտի դարպասեն,

Խաչակրութեան արշաւներ կազմակերպելով՝

Պիտի հրապարակները վերածեն կռուադաշտի,

Մինչեւ որ իրենց ողորմելի եսը խաղաղի…

Ու երբ օր մը կորսուին հրապարակէն յանկարծ,

Պէտք է փնտռել զանոնք՝ յափրացած գայլերու նման՝

Բաց դաշտերուն մէջ, ուր կ'որոճան փառքի օրե~րը

Երեւակայածին, գոհունակ քրքիջով մը երբեմնի.

Ողբերգութեան մը վարագոյրը պիտի իջնէ վար,

Իսկ մարդիկ պիտի շարունակեն իրենց ճամբան

հանապազօրեայ…։