ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՄՂՈՆՆԵՐ ԱՆԴԻՆ
Օդերեւոյթի բոլոր սարքերը արդիական
Չեն կրնար կարդալ հոգւոյս կլիման յարափոփոխ,
Ոչ ալ բազկերակի գործիքները նորահնար
Կրնան չափել սրտիս խռովքները արտասովոր։
Անո՜նք «Երկիր» մոլորակի չափանիշերով կը գործեն.
Իսկ ե՜ս... ուրի՜շ...
Ես համակարգուած եմ
Տարաշխարհի՜կ
Ա՜յլ մոլորակային դրութեամբ.
Իմ հոգին՝
Անջրպետային այլ զգացողութեամբ կը բանի,
Ուր սէրը չի չափուիր միայն
Սրտի տրոփներով թունդ,
Կամ սիրահարին տուայտանքներով թախծոտ,
Ոչ ալ կը չափուի անձկութեան կրքոտ յոյզերով...
Այլ անհունները թափանցելու զգայարանքով մը ուրոյն.
Միլիոնաւոր մղոններ անդին
Իր հեռակայ սիրոյն ուրուականը գտնելու,
Ու թափանցելու անոր խորքերը մթամած...
Այս պահուս, կը տեսնեմ քեզ... հեռաւոր ծովափին
Նստած, կը դիտես սեւեռուն անհունը հորիզոնին...
Ես կը կարդամ հիմա հոգիիդ ծալքերը թաքուն,
Անդրաշխարհը պեղող հեռատես Մարգարէին աչքերով,
Ու բիբերուդ հայելիին մէջ
Իմ դէմքիս ցոլքը կը տեսնեմ ժպտուն...
Ու կը տեսնեմ ժամանակը՝
Լուսնային տարիներու հաշուարկով,
Մոռցուցած չէ մեր սիրոյ զեղումները ջերմ ու յորդ...
Այս պահուս, կը սիրեմ, կը փայփայեմ քեզ իմ աչքերով.
Այնպիսի սիրով մը հեռակայ, որ
Կարծես կողքիս ես երէկուան պէս.
Այս պահուս կը սուզուիմ հոգիիդ անջրպետին մէջ,
Ինչպէս վերջալոյսի վերջին շողերը ոսկեծիր
Կը սուզուին աչքերուդ մէջ անհուն:
Հիմա... աչքերէդ խորաթափանց
Կը գաղտնազերծեմ խռովքներդ թաքուն,
Սեպագիր ծածկագրերուն նման,
Ուր անցեալ մը շքեղ յուշերու մէջ կը յամենայ...
Ես հիմա կը սիրեմ քեզ ուրի՜շ մոլորակի չափանիշերով…
2007