ԻՄ ԱՇԽԱՐՀ ՀԵՌԱԿԱՅ

Ամրան տապին հետ կու գամ քեզի կրկին,

Նման՝ տուն վերադարձող կարօտաբաղձ կռունկին,

Կարօտն առ քեզ կը քաշէ զիս,

Ինչպէս անօթի մանկան՝ մօր ծիծերը յուռթի։

Իմ հիւղաւա՜ն հեռակայ, հարազատ ու սրտակից,

Երկար թափառումներէ ետք այլընտրանք չունեցող

իմ կիզակէտը անփոխարինելի,

Դուն իմ օրրանը անշշունջ անդորրիս որ պիտի դեռ գայ,

Եւ նստավայրը մտքիս թեւերուն՝ ուրկէ անոնք ուժ կը ստանան։

Երկնքի աստղերուն հետ զրուցակից ճգնաւորին նման

Կը զգամ այնքան ազա՜տ գրկիդ մէջ հարազատ,

Ու եթէ լեռներդ լերկ, օր մը շշնջեն անուն մը քաղցրայուշ

Պիտի յուշեն իմ անունը կարօտակէզ...

Բա՜ց թեւերդ որդւոյդ խե´նթ, որ տուն կը դառնայ,

Ահա կու գամ` հին ու նոր երազներու բոյնս հեռակայ,

Կու գամ աշխարհի անվերջ ցաւերով խոցոտուած,

Նոր երգերու անյագ մղումով մը յագեցած,

Հոգւոյս խորերէն բարձրացող գուլան

Մարելու՝ առաւօտեան ցօղովդ անզուգական։

Իմ աշխարհ հեռակայ...

Իմ աշխարհ այնքա՜ն մօտակայ...

2003