ԱՅԴ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ երէկէն այսօր
Ներեցինք մեր ցեղի դահիճներուն
Ու դարձանք քրիստոնեաներ բարեպաշտ,
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ օտարին լեզուն դարձաւ քաղցրահամ
Ու մեր մայրենին՝ ժամանակավրէպ, ծանր
Բեռ՝ մեր երեխաներուն ուսերուն դրուած։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ Մեծ Երազի Ճամբուն վրայ
Մոռցանք մեր իտէալը, տեսիլները,
Ու զիջեցանք զանոնք տեղայնական մտայնութեան։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ բիւր նահատակներու արեան գնով
ազատագրուած Արցախը՝
Դարձաւ յանկարծ խոչընդոտ՝ հայրենիքի երթին,
Մնաց ամայի աշխարհ, անմարդաբնակ։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ դարձանք երկրորդական ու աննշան,
Հետեւորդ ազգ մը՝ յաչս աշխարհին,
Մնացինք անմիաբան, իրարու թշնամի,
Օտարին գործիք, իրարու դաւաճան,
Չդարձանք վերջապէս բռո՜ւնցք կատաղի։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ ուրիշներ հասան Լուսին ու Հրատ,
Իսկ մենք նոյն ողբերգակ ազգը մնացինք,
Ու դեռ կ’ողբանք մեր անզօրութիւնը՝
Որոնելով հազար պատճառ արդարացուցիչ։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ մեր նահանջը դարձաւ իրողութիւն
Երգով, պարով, նուագով, օր ցերեկին,
Դարձանք ամբոխ մը անտարբեր՝
Մեր վիրաւոր ու խոցուած իրականութեան։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ՝
Երէկէն այսօր դասեր չքաղեցինք
Ու դեռ կը շարունակենք ապրիլ ու գործել
Զոհի մը ստոր հոգեբանութեամբ,
Մեր դարերու ցեղային հպարտութիւնը
Քամիներու քմահաճոյքին յանձնած։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ թոյլ տուինք ազգի մակաբոյծներուն՝
Հանգստաւէտ կպչելու մեր մորթին
Ու ծծելու մեր արիւնը, մեր հոգին,
Վերածեցինք զիրենք հերոսներու փրկարար,
Յանձնեցինք իրենց մեր ճակատագիրը դարաւոր։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ երէկի մեր արժէքները բացարձակ
Տեղի տուին աջէն ու ձախէն արշաւող
Խորթ արժէքներու այլանդակ.
Ու մենք դարձանք տարանջատուած ժողովուրդ՝
Չորս կողմերէն խուժող ախտերով վարակուած...
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ եօթանասուն տարի շարունակ
Մայր Հայաստան երգող ժողովուրդը
Յանկարծ լքեց զայն ու հեռացաւ,
Ու դարձաւ անբաղձալի տարր մը
Հոն ուր ապաստան գտաւ։
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Որ հայու ոգին ստեղծագո՜րծ
հպարտութի՜ւնը արիական
Դարձաւ գունաթափ, իմաստազուրկ նշխար մը,
Որ ճակատագրի հեգնական վճիռին կը սպասէ,
անամօթաբար... եւ ամօթահար...
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ,
Եւ արդեօ՞ք յանկարծ, ինքնաբերաբար...
1994