ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՐԳ
Երբ ուղիները բոլո՜ր
Ժխտումն են ներքին ձայնին՝
Կորսուած անհունին մէջ ժամանակի...
Երբ ծաւի երազները երէկի
Դաւադրութեան զոհն են՝
Նո՜ր աշխարհի կարգին,
Ցիրուցան փռուած ցորենի հասկերու նման...
Քամին քմահաճ կը շարունակէ իր պա՜րը տաղասաց,
Աշնանային տերեւաթափին համահունչ...
Կը հնչեն մեղեդիներ տխրաթախիծ
Ամէն կողմէ, արտասովոր գալիքին ընդառաջ.
Կը տարածեն երկիւղ,
Ինչպէս աղջամուղջը մուգ ու վախազդու.
Կը խլրտին հոգիները տամուկ
Անձաւներու նման...
Կը գոռան ժամանակները,
Ցոփ կիներու բարբանջանքով,
Կը հրաւիրեն խենթերու աղէտագոյժ տօնախմբութեան.
Տհաճ նուագ, անհեթեթ պար ամէնուր.
Ծիծաղաշարժ դիմակներ չորսդին.
Հարսանիք է Բաբելոնի,
Սոդոմի եւ Գոմորի ցոփամարտ,
Սպանական ցլամարտ է կարմրադրօշ,
Քաուպոյներու արշաւանք աւազամրրիկին ընդմէջէն,
Բոլորը ուրա´խ, տօնահանդէս է ու շքե՜րթ,
Ու քարնաւալ մերկ կիներու...
Բոլորը անտարբեր ու հարբած,
Կորսուած՝ պարին մէջ խօլական,
Կը սպասեն անձկութեամբ՝ ցլամարտի աւարտին,
Իրենց գրաւի արդիւնքին՝
Որու նժարին վրայ իրենց կեանքն են դրած ...
Խենթերու ծէս է ու պար խելագար,
Բոլորը ուրախ կը պարե՜ն մահաքունի մէջ,
Երբ ուղիները բոլոր ժխտումն են ներքին ձայնին...
2007