ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ես սորվեցայ

- Թէեւ քիչ մը ուշ-

Որ մարդիկ ապերախտ

Արարածներ են երկդիմագիծ.

Որ միշտ նպատակ մը յետին,

Պատճառ մը թաքուն,

Կը կանգնի բարեկամութեան ետին.

Որ մօտիկ բարեկամդ ներկայի,

Գուցէ վաղուան թշնամիդ է ոխերիմ:

Ես սորվեցայ

- Գուցէ ոչ այնքան ուշ-

Որ չ’արժեր զոհողութիւնը գերագոյն,

Չ’արժեր մարդոց տաս անձդ բարեսիրտ,

Որ անձդ չդառնայ ոտքի կոխան

Բարեկամութեան սիրոյն յետ այնու

Չըլլաս քաւութեան նոխազը խեղճուկ:

Ես սորվեցայ

Որ մարդիկ դիմակներ հագած

Կը շրջագային հոս ու հոն,

Որ միշտ վարժ են երկու երեսներ

կրելու,

Ատակ են դիմակ ու շապիկ փոխելու,

Ինչպէս ատակ են բարեկամներ

Գնելու եւ ծախելու,

Որ այս կեանքը առեւտուր մըն է

ինքնին,

Ու աշխարհը՝ շուկայ մը այս առթիւ:

Ես հիմա գիտեմ

- Յուսա՜մ ոչ այնքան ուշ-

Որ միայն սէրն է

Գերագոյն միակ ճշմարտութիւնը

Այս անհեթեթ ու անցաւոր կեանքին.

Սիրողին համար ստրկացնող գործիք մըն է

Ու զինք կործանող միջոցն է

ապագայի,

Որ այս մեծ շուկային մէջ աշխարհիկ,

Ամէն րոպէ մարդիկ անոր անունով

կը խօսին,

Անոր անունով կը փառաբանուին...

Ես հիմա կը հաւատամ

Ո՜հ, կը հաւատամ խորապէս

Որ կեղծ են մարդոց ժպիտները,

Շահարկութիւն են բարեկամութեան

ժեստերը,

Անցողակի են յարաբերութիւնները

մարդկային,

Ճշմարտութիւնը երբեմն աղջամուղջին

մէջ կորած

Սակայն միշտ պայծառ աստղ մըն է,

Առաւօտեան արշալոյսն է, ի վերջոյ յայտնուելու…:

1989