Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ

Կարելի չէ՜, կարելի չէ՜ հանդուրժել ամենեւին

Խելացնոր բզկտումն այս անվերջ.

Առճակատման մոլուցքն այս յարատեւ

Մեզ պիտի նետէ անէացման ծոցը ի վերջոյ։

Բա՜ւ է վերջապէս

Ատելութիւնն այս մոլագար,

Եսի պայքարն այս անպատկառ...

Բա՜ւ է վերջապէս

Խղճի, հոգիի վաճառքն այս խայտառակ.

Սրտերը թունաւոր մաղձով սնուցող

Վրէժի այս կիրքը ըմբոստ,

Վերածած է մեզ նենգ դաւերու հաշուեյարդարի՝

Պարա՜րտ հողի մը՝ թշուա՜ռ ու անմխիթա՜ր։

Ինքնակործանումի ոդիսականն այս եղկելի,

Արկածախնդրութիւնն այս անպիտան,

Չքմեղանքի ի՜նչ պատճառ,

Արդարացուցիչ ի՜նչ դէպ յանցանաց

Կարող է յաւակնիլ։

Կարելի չէ՜ հանդուրժել բզկտումն այս անվերջ,

Բա՜ւ է այլեւս ատելութիւնն այս կործանարար...

Նուաղկոտ ճիչերը աղեխարշ

Վերածուած են փախուստի ոգեսպառ կանչերո՜ւ

ցաւագար,

Դարձած են վշտահար ամբոխին երա՜զը վճռական...

Զարթի´ր... բանականութի՜ւն

Ատելութեան խրամներէն ճահճացած,

Մոլորութեան կածաններէն գալարուն,

Ու լուսաւորէ´ միտքերը ժահրաբոյն,

Ազատագրէ՜ խիղճերը գերեվար.

Կարելի չէ՜ հանդուրժել այլեւս՝

Մարդուն ատելութիւնը՝ մարդուն դէմ...

Կարելի չէ՜ հանդուրժել այսուհետեւ

Խելագար այս բզկտումն անվերջ.

Մոլեռանդ գուպարն այս տենդագին

Մեզ կը տանի վերջնական անէացման։

2007