ՓՈՂՈՑՆԵՐ ՀԱՐԱԶԱՏ

Ես կրկին իջայ փողոց այսօր.

Ոչ անոր համար որ ծարա~ւ մը մեծ

Զիս կը մղէր մարդկութեան գիրկը նետուելու,

- Ես վաղո~ւց դադրած եմ անձկութիւններէն -

Այլ պարզապէս ցոյց տալու բոլորին՝

Թէ կա՜մ, մեռա~ծ չեմ ամենեւին…

Ես չեմ քալեր այլեւս…

Վաղուց դադրած եմ քալելէ

- Փողոցներն ի վար, հոսանքն ի վեր -

Գլխապտոյտ պատճառող

Ձանձրացուցիչ նոյն փողոցներէն.

Ես ու այս փողոցները նոյն անունը կը կրենք

Որ կը կոչուի՝ ակամայ գոյակցութիւն…։

Ես այս փողոցներուն տուած եմ

Անձկութիւննե~րս, իղձե~րս անկատար.

Տուած եմ՝

Հոգեխռով յոյզերս բոլոր,

Խենթ գիշերներու թափարումներս,

Գաղջ ու տօթ օրերու խոնջէնքս ամբողջ.

Տուած եմ կեանքիս պահերը տխուր,

պահերը կենսուրախ…

Ես նոյնացած եմ անոնց տագնապներուն,

Անոնց թորեալ ցաւերէն խմած եմ ցմրուր,

Կաթիլ-կաթիլ ամէն գիշեր,

Ու այգաբացին ճապաղ, եկած եմ դուրս

Ողջագուրած անոնց մարմինը յոգնած

ու քրտնաթաթախ…

Ո°չ ոք գիտէ ինչքան սէ~ր, ինչքան վի~շտ

Ձուլած եմ անոնց էութեան մէջ տարտամ,

Ու անոնց ատաղձէն, խիճէն ու շաղախէն՝

Կերտած եմ յուշարձան մը այլանդակ

Որ կը մնայ առ այսօր կանգնած

Հրապարակին վրայ յաղթութեան,

Ուրկէ անցան, անհետ գացին

Հերոսներ խոնարհ, ծանօթ ու անծանօթ,

Առանց աղմուկի, փողի կամ թմբուկի…

Ես այս փողոցներուն զաւակն եմ հպարտ,

Խոնարհ անցորդը՝ աննշան, որ

Կը յամենայ մայթերուն վրայ ընդ երկար.

Ու եթէ դեռ կ'իջնեմ փողոց ամէն առաւօտ,

Պարզապէս յիշելու միշտ, թէ ե~ս ալ՝

Օր մը անդարձ պիտի հեռանամ ու բաժնուիմ

այս փողոցներէն հարազատ….