ՀՈԳԻՍ ՊՈՌԹԿԱԼ Կ’ՈԻԶԷ

Երբ ամրան բորբ արեւը հրակէզ

Իր աւերը գործած կը հեռանայ

Չարամիտ Մեֆիսթոյի մեղմ ոտնահետքերով...

Երբ պոռչտուքը անպէտ խուժանին

Հոգելլկուած բնակիչներուն ակամայ կու տայ դադար,

Սմքած ու տկլոր կը հեռանայ համրընթաց...

Երբ օրուան վաստակս կը սփռեմ սեղանի վրայ

Բանուորին հանապազօրեայ երախտիքին նման,

Հարուածային գործիքի ծանր կշռոյթին համահունչ

Հոգիս՝ աղացող ցորենի նման կը ճզմուի լուռ,

Ի տես թշուառ ու հոգեսպան մեր ժամանակներուն։

Ռասփութիններ անհամար կը շնչեն ուրա՜խ՝

Դիոգինէսի Մա՜րդը վանած ըլլալու խո՜ր երանութեամբ,

Կրեսոսներ կը հաշուեն կորսուած խիղճն իրենց

Պոռնիկներուն յաւելումը իրենց շահը համարելով.

Կեղծիքի շպարները թօթափած ծաղրածուներուն նման

Կը տողանցեն նոր մաքիաւելիները անհամար,

Ու, կեանքի աղբանոցին բազմացող տականքները,

Արիւնռուշտ տզրուկներու նման կը վխտա՜ն չորսդին։

Քաղաքը հետզհետէ կը մտնէ միջնադարեան խաւարի

Քաւարանի խո՜ր թմբիրի մը ոլորտնե՜րը մեղկ ու մութ.

Տանթէ Ալեկիերիներ չկան այս դարուս որ խարազանեն՝

վաշխառուները բազմազան,

Ոչ ալ՝ Նազովրեցի Յիսուսներ, որ արտաքսեն

Տաճարէն՝ամբարիշտները մեր քաղաքի,

- Մովսէսի օրէնքները,

Քուրանի սուրաները,

Հոգեթով սաղմոսները այլեւս անզօր են անոնց դիմաց -

Անո՜նք չկան...

Այլ կան արձակ-համարձակ

Փառքի պատուանդաններուն վրայ մախմուր բազմած

Նոր վաշխառուները մերօրեայ,

Որոնք կը յղփանան օրէ օր իրենց շռայլուած պատիւէն.

Կան նոր Ներոններ խելագարած,

Աշխարհը հրոյ ճարակ դարձնելու պատրաստ.

Մենք անոնց վերջին զոհերն ենք, ճարահատ...

Այո՜. հոգիս պոռթկալ կ’ուզէ այս գիշեր...

2007