ԿԱՆԳԱՌՆԵՐ

Կանգառներուն միջեւ սրընթաց վազքին,

Երբ լռութիւնը ամբողջական

Միակ խորհուրդն է գիշերին,

Թեւածող միտքը մարդուն

Կ’ուրուագծէ պահը՝ շիթ առ շիթ,

Ու տրոփիւնը սրտին

Կ’արարէ սազին թելերուն հետ՝

Թախծոտ երգ մը դիւթական.

Գիշերուան կանգառն է ցնորական,

Ուր՝ մարգարէներ կը ճառեն

Խորհուրդներ խորաթափանց,

Ճգնաւորներ կ’աղաղակեն առ Աստուած

Բանին ուժը թաքուն,

Աստղեր կը շնչեն անջրպետին

Եթերը մաքրամաքուր,

Իսկ սիրատարփ հոգիներ

Կը տենչան շիջումը այրող պահին.

Կէսգիշերային համանուագն է,

Հոգեխռով ու երազային.

Թափանցիկ շղարշ մը լուսէ

Կը համբուրէ վշտոտ էութիւնը մարդուն՝

Որ հրաժեշտ կու տայ անբացատրելի տագնապին.

Բառերն անգիր կը թափառին

Միջոցին մէջ անհուն,

Ու կը ձգէ ձայնը հառաչանք մը դողդոջուն

Արձագանգի մը տեղատուող ալիքին նման՝

Որ պիտի սուզուի ի վերջոյ ամայի գիշերին մէջ։

Պահ մըն է, ի՞նչ փոյթ եթէ պիտի անհետի,

Պիտի գայ յաջորդ կանգառը շուտով,

նոյնքա՜ն խռովայոյզ

Ու կրկին սուզուի աղջամուղջին մէջ տամուկ.

Չէ՞ որ օրը համրուած ժամեր է միայն

որքան ալ տժգոյն,

Իսկ կէսգիշերային կանգառները անրջային՝

Հարազատ հոգեվիճակի պահեր են անհո՜ւն։

2006

ԲԱԳԻՆ, ԽԵ. տարի, Յունիս 2007, Թիւ 2, էջ 22։