ԱՆՑԵԱԼԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՎ
Կը քալէի թաղիս մայթերէն վաղեմի,
Հարազատ տանս փողոցներէն հնամեայ,
Ուր երէկի յիշողութիւնս է թաղուած,
Կեանք մըն է դարբնուած անոր շունչով։
Կարծես կ’անցնէի փողոցներէ անծանօթ՝
Օտարականի մը նման, այցելութեան եկած։
Փողոցներ, ուր Մայրենին էր տիրական,
Արհեստաւորին թրքախառն լեզուով համեմուած.
Քաղաք մը, ուր հարեւանն ու դրացին
Հայրենակիցներ էին, տարիներու բարեկամ.
Դէմքեր էին ծանօթ ու հարազատ,
Իրարու սիրելի, իրարու օգնակա՜ն,
Բայց անծանօթ ու խորթ են հիմա։
Կը դիտէի զարմացած,
Կը դիտէի զայրացած,
Ո՜վ է այս խուժանը անծանօթ,
Այս խառնարանը բաբելոնեան,
Բոյն դրած այստեղ.
Ո՜ւր են այն դէմքերը սիրելի, որ՝
Տարանջատուած անհետացան առ յաւէտ...
Նոր քաղաք մըն է հիմա իմ դիմաց
Օտար ու կերպարանափոխուած...
Ո՜հ կարօտն ունիմ երէկին անշքացած,
Յիշողութեան, որ գունաթափ է հիմա,
Մոռացութեան խելառ քամիներուն յանձնուած։
2004