ՁՕՆ ԵՐԱԽՏԻՔԻ

Ես ոչ մէկուն խնդրեցի գալ ինձ այցի,

Տրտմութեանս իսկ չըսի ըլլալ վանատուր,

Ու չեմ գիտեր՝ որո՞ւ դիմաց ծերպեցի

Վերջին անգամ ու երբեւէ փեղկ ու դուռ։

Ա. Ալիքեան

Երազախինդ, հեզ գիշերին մէջ լուռ՝

Որոշեցի քալել հանճարիդ հետքերովը լուսեղէն,

Պեղելու կրկին ընդերքը ներաշխարհիդ ալեկոծ,

Որ յոյսի հրուանդան մըն է՝ գեղեցիկը պարփակած.

Սաղարթախիտ կածաններէդ անցայ մտամոլոր,

Անհիւրընկալ ճամբաներուդ եղայ անցորդը թափառական,

Քամիներու հպումն իմ դէմքին, խոպան բառերուդ գրգանքով,

Ապրեցայ ճախրող տեսիլքներուդ քմայքը տենդոտ,

Ըմբոշխնելով զայն ծուէն առ ծուէն, ինչպէս պարսը թաւուտներու.

Երազեցի յիմարաբար, ի~նչ հեգնութիւն,

Թէ կարող եմ մերձենալ մուսաներուդ յաճախանքին,

Զի իմ հոգին եւս՝ կոյրի ցուպով, կը տենչայ ծղրիթին երգը օրհնաբեր,

Ու նման ամրան տապին՝ կ᾿ըմպէ արեւուն հրայրքը տենդոտ,

Խոնաւ երեկոներուն որոնելու անոր հեշտանքը համակող,

Ճպուռին նման երգելու իր երգը՝ բզզուն, ողբը՝ հառաչական։

Գիտէի՞ր, չէ~, որ մեր հոգւոյն ամառներուն, գիշերներուն երազային,

Մեր շրթները նոյն հիւղին տենչով պիտի երգէին,

Ու նոյն խանդով անոր գիրկը պիտի նետուէինք՝

Ըմպելու վտարանդի մեր էութեան բաժակը ցմրուր։

Մենք, դէտերը քու բախտին խորթ ու աքսորին երկդիմի,

Մեր արտորանքին մէջ, գուցէ չհասկցանք քեզ լաւ,

Զի այնքան սլացիկ էին բարձունքները քու մտքին,

Ինչպէս Ապողոնի ոգին՝ հզօր ու բարձրաթռիչ,

Կարծես հաղորդակցութիւնն էր փիղի ու մոծակի։

Բայց եղի՜ր վստահ, վարպետ,

Ամէն անգամ որ տերեւներդ հպեցան այգաբացի ցօղերուն,

Կապտաւուն ալուցքներուն ալեկոծուեցան ալիքներ անդուլ

Ու քամիներ ըղձանուտ, երազանքներ տարտամ՝

Բախեցան ծովեզրի բազում խարակներուն ջրամոյն...

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 22-2014, էջ 58: