ԵՍ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ…

Պիտի գայ օրը... ես կը հաւատամ,

Որ մեր երազներուն մէջ պիտի չտեսնենք այնուհետեւ

Հայրենիքը մեր, որպէս կապոյտ, հեռաւո՜ր

Ծովուն հորիզոնին նման անհասանելի՜ միջոց անեզր։

Պիտի գայ օրը, երբ

Ովկիանոսի ալիքներուն տեղատուութեան հետ

Մեր ցեղի տեղատուութիւնը աւարտի պիտի,

Ու ովկիանոսի մը նման լուծէ հայրենիքն իմ,

Տարանջատուած իր ցեղի բեկորները իր մէջ։

Պիտի գայ օրը, երբ

Բախտի չար քամիները չքանան պիտի առ յաւէտ,

Հայրենի երկրի մեր երկնակամարէն՝ դառնաղէտ,

Ու մեր կիզակէտը դարձած Արարատը ալեհեր,

Իր հայրական փէշերուն ներքեւ մեզ հաւաքէ վերստին։

Պիտի գայ օրը, երբ

Առաւօտեան շողերուն հետ պիտի մեր աչքերը բացուին,

Տեսնենք մեր դիմաց Նոյ Նահապետի երկիրը անեզր,

Ընդարձակ աշխարհ՝ ուր չկայ լինելութեան տագնապ,

Կայ միայն դարեր նուաճելու սխրալի վիպերգութիւն՝

Մանուկներուն երգերուն մէջ, երկնասլաց։

Պիտի գայ օրը, երբ

Լուսաւորչի ղօղանջը մեր թախծո՜տ աղօթքներուն՝

Պիտի դառնայ յաղթանակի երգ երկնքի կամարներէն,

Ու մեր հայրենիքը՝ ասպատակուած դարէ դար,

Իր որդիներու, աշխարհի բոլոր ծագերէն ժամանած՝

Պիտի կրկին դառնայ տունը հարազատ։

Պիտի գայ օրը... ես կը հաւատամ՝

Երբ երազենք, պիտ երազենք բա՜ց աչքերով ու հպա՜րտ,

Երբ ննջենք, մեր քունը պիտ չըլլայ աղէտալի վերջակէտ՝

Հորիզոնին վրայ մայրամտող արեւին պէս,

Այլ մշտաբորբոք կանթեղի մը պէս խաղաղ։

2004