ԱՌԿԱՅԾՈՂ ՍՐՏԵՐ
Կ’առկայծին հիմա
Բոլոր ժամանակներէն աւելի,
Առեղծուած այս ցեղի
Ներկայի եւ ապագայի հարցերը հրաբորբոք...
Մարտահրաւէրէ մը՝ ուրիշի հեւքը անվերջ,
Ճակատագիրն անոր դաժան,
Դարձուցած զոհը՝ նոր օրերու
Տոնկիխոթեան ստապատիր ու
Տխրահռչակ այրերու վաւաշոտ կիրքին
ու անբարոյ մոլուցքին...
Առք ու վաճառքի սա դարուն տխուր,
Անտարբերութեան մոլորեցուցիչ օրերուն մեր,
Անձի փառաբանութեան ու եսակեդրոն դարուն խեղճ,
Երբ տարուբերող նաւու նման հայրենիքը մեր,
ժողովուրդը ցաք ու ցրիւ,
Դարձած են տարուբեր հողմերու բախտին գերեվար,
Երբ նահանջն է օրուան հրամայականը մեծ,
Ո՞ւր նայինք պիտի որպէս հզօր ապաւէն,
Երբ բռնցքամարտի մէն մի հանգրուան
նաք աուդ մըն է ինքնին,
Ընկրկում մըն է նոր,
Պարտութիւն մը ճակատամարտի...
Կ’առկայծի անվերջ իմ նուաղուն հոգին
Հին ու միշտ նորոգ հարցերովը մեր երթին,
Գիշերի խոնջէնքը միայն մոռցնել կու տայ
Պահ մը, տխուր մտորումները առկայծուն...
2011
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 12-2011, էջ 62։