ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ
Միայնութեան արահետներէն
Քալեցի լուռ ու մտամոլոր,
Յագեցած մարդոց ցաւերով ու վիշտերով,
Նաեւ անոնց ապերախտ գործերով.
Քալեցի դառնութիւն մը զսպած
Աշխարհէն, մարդոցմէն այլասերած:
Նպատակի մը, իմաստի մը վեհ
մեզմէ շատերը հաւատացին,
Բոլո՜ր իմաստներն ալ սակայն,
Ունայն, անհեթեթ ու մոլորեցնող
Խօսքեր են զօրաւորին շրթներուն,
Գործիք՝ ստրկացնող,
Տկարը միշտ գերեվարող:
Մեծ խօսքերուն մենք հաւատացինք,
Հաւատացինք «փրկութեան»,
Այդ ալ, սակայն, առեւտուրի
Ձեւ մըն է եղած դարէ դար.
Բոլոր կրօններուն մէջ մարդկային,
Սպասումի խաբէական յոյսը կայ.
Ափսո՜ս, այս աշխարհին մէջ անկատար
Մարդ արարածը կը մնայ միշտ թշուառ ու տկար:
Միայնութեան արահետներէն
Կը քալեմ լուռ ու մտամոլոր,
Կը քալեմ էութիւնս խաղաղած.
Կեանքի պարզորոշ տեսողութենէն
Աւելի գոհունակ ու մխիթարուած...:
1989