ԻՆՉՈ՞Ւ...

Ինչո՞ւ արտօնեցի մեկնումդ ապաժամ...

Ինչո՞ւ արձակեցի քայլերդ դողդոջ,

Մինչ կը հեռանայիր տխո՜ւր

Արտասուքդ թաթխած արծաթափայլ ջուրերուն

աղահամ,

Երբ ալեկոծ աչքերով կը սպասէի՜ր՝

Խենթի մը նման փարէի քու բաբախող կուրծքին,

Ու առնական ձեռքերուս մէջ կրքոտ՝

Սպիտակ մարմինդ գրկած կրկին,

Քեզի «կեցի՜ր» շշնջէի...

Թոյլ տուի որ հեռանա՜ս... նման նաւուն,

Որ գաղտուկ կ’անհետի գիշերին մէջ լուռ։

Ինչո՜ւ անտարբեր եղայ աղերսական ճիչերուդ,

վարդաբոյր նամակներուդ,

Երբ կարօտի, սիրոյ ջերմ խօսքերդ դառնանոյշ

Կը թափառէին մտքիս ոլորտներուն մէջ տրտում,

Երբ տենչերս վա՛ռ ու պարտուա՜ծ, ամէն քայլափոխի

Կ’որոնէին քե՜զ, կիներուն մէջ, փողոցներն ի վար,

Երբ գիշերներուս թանձր մշուշէն մաղուող արցունքներէս

Աչքերս խոնաւ, կը սուզուէին երէկի խորերը, պարտուած...

Ինչո՜ւ ականջս խցեցի քաղցր կանչին,

որ կը ժայթքէր խորերէս,

Ու անարձագանգ ձգեցի սիրոյ խոստումը,

որ կու գար հեռաւոր ափերէն,

Սպիտակ աղաւնիի մը նման կը թառէր իմ պատուհանին,

Կը համակէր զիս քաղցր յուշերով ու յոյզերով տրտում։

Ազատ մարդ էի արդարեւ, ծառին թառած արտոյտին նման,

Ու պայուսակս դեռ լեցուն չէր վիշտերով դառնակուլ.

Կարող էի հասնիլ քեզի՝ աշնանային անձրեւին նման,

Ու լուալ սպասման ժամերու աղի արցունքներդ դառն.

Կարող էի կայծակի նման տեղալ քու վերեւ

Ու խանձել կորսուած օրերու բոլոր յոյզերս աղեխարշ։

Բայց ես անտարբե՜ր չէի մեր սիրոյն ջերմ,

Որ եղաւ թանձր գինիին նման քաղցրահամ,

Իմ անրջային գիշերներուս յամեցաւ

Տաղի մը նման մելամաղձոտ ու փոթորկայոյզ.

Մինչ ես վտարանդի զաւակը եղայ մեր ժամանակներուն,

Կարծելով թէ պատասխանը կու տայ ա՜ն, ժամանակը,

Իմ սպասումներուս, բոլոր հարցադրումներուս.

Ափսո՜ս, չըմբռնեցի թէ ժամանակը նման է աշնան քամիին,

Որ, տերեւի նման չոր, մարդը կը շպրտէ ծառն ի վար...

Ես այդ տերեւն եմ հիմա, հողին մէջ թաղուած, որ

Աղի արցունքներովդ կը մնայ խոնաւ ու անթառամ...