ԻՆՉ ՈՐ ՈՒՆԻՄ, Ա´ՅՍ Է ՄԻԱՅՆ...
Ես ալեծուփ ծովափներ չունիմ իմ դիմաց,
Որ երգեմ պարը կոհակին ու շառաչը ալեաց,
Հրաշափայլ հորիզոններ արարեմ
Վրձինովն իմ գորշ ու փխրուն:
Ես շոճիներ ու եղեւին չունիմ իմ դիմաց, վայրի,
Որ բնութիւնը երգեմ մերթ հրաշալի, մերթ կատաղի,
Չունիմ կաղնիներու սօսափիւն, սոխակի դայլայլ,
Որ առինքնեն ներաշխարհն իմ խռով ու տժգոյն:
Ես կ’ապրիմ քաղաքի մը մէջ հնամեայ,
Ուր քարը, ծուխն ու փոշին ե´ն տիրական,
Ուր տգեղութիւնը իրողութիւն է համատարած,
Ժխորն ու աղմուկը խլացնող, ամլացնող երեւոյթ,
Ու ճչակները ինքնաշարժի՝ մնայուն հալածանք:
Ես բողոքի ղօղանջն եմ գազանային այս դարուն,
Ուր արժեչափերը կորած են ընդմիշտ,
Ուր մարդը վերածուած է անմխիթար քուրջի,
Ու նետուած՝ լուսանցքէն դուրս իր ժամանակին:
Բայց դեռ կը տենչա՜մ հեռուները հրաշալի,
Ու հոգիս դեռ կը խայտայ անհունին մէջ հորիզոնին,
Երբ թարմանան իմ շնչած օդն ու աչքերը բորբոք,
Երազներն իմ կը սաւառնին կապոյտին մէջ գալիքին:
Ես ծովափներ չունիմ, ոչ ալ բնութիւն դիւթական,
Ես այս հնամաշ քաղաքն ունիմ որպէս տուն ու օթեւան:
2011
ԲԱԳԻՆ, ԽԹ. տարի, Յունուար-Մարտ 2011, էջ 31-32։