ԻՆՉ ՈՐ ՏԵՂ

Պարապութեան մէջ

Ինչ-որ տեղ

Մեր մտածումները

Կրկին կը հանդիպին իրարու.

Մեղմ շշնջիւն մը՝

«Ահա եկայ քեզի

Ու եկայ այսպէս կէս գիշերին...»

կը մրմնջէ:

Կը սպասես յուսադրող խօսքի,

Ամիսներու կարօտը ամոքող

Խոստովանութեան մը առաքինի.

Քառ լռութեանս դիմաց,

անպատասխան,

Թաց աչքերով կը փորձես

Պեղել իմ խռով հոգիս,

Անձկութեան ու յոգնութեան

նշաններ ուրուագծած...

Իսկ ես կ’ուզեմ ժայթքիլ

Անթեղուած լաւայի մը նման,

Կ’ուզեմ քանդել ժամանակի՝

Չխորտակուող պատնէշները բոլո՜ր...

Ետ երթալ ժամանակին հետ

Մեր հանդիպումին վերջին,

Մեր սիրոյ խոստովանութեան

պահին անմոռանալի...

Հրաշքի անկարող,

Կը մնամ կարկամա՜ծ

ու բարոյալքուած...

Գլուխս կը հանգչեցնեմ

Թաւշեայ հեստ կուրծքիդ

մշտատրոփ,

արտասուալի՜ց,

բզկտուա՜ծ...

Ու ինչ-որ տեղ

Պարապութեան մէջ,

Ալեկոծ խռովքը հոգիիս

Կը ձուլուի կուրծքիդ տրոփիւնին՝

Ամայութեան պաստառին վրայ...

Գիշերին մէջ փորձաքար,

Հոգիները մեր,

Մերթ լուռ,

Մերթ ապստամբ կ’արտասուեն.

Եւ ինչ-որ տեղ,

Ինչ-որ ժամանակ,

Վերամիացման ուխտը

Կը փոխանցեն իրարու...

1993