ԻՆՉ ՈՐ ԸՍԻՆ ՈՒ ՉԸՍԻՆ...

Ըսին՝ ճակատագրին մի´ հաւատար,

Քերթէ´ այդ ձեռքերով կաշիդ հարազատ,

Գարնան շիթերով ներկէ´ ներկապնակդ,

Ու ընդունէ´, որ աշխարհը սեւ չէ´,

ոչ ալ սպիտակ.

= Արեան կաթիլներ մրոտեցին սպիտակ

տողերը օրագրիս...

Ըսին՝ լուսինը խաբկանքն է արեւին,

Երբ տխրութիւն պատէ հոգիիդ մինակ,

Դուն հաւատա´ արեւուն շէնշող, լուսաւէտ հուրին,

Մի´ երկնչիր կուտակուող ամպերուն ահագնութեամբ...

= Աղի արցունքներ տաք մղեցին հեռո՜ւ՝

շողերը այդ հրաշքին...

Ըսին՝ ճշմարիտը պատրանքն է կեղծիքին,

Քովնտի կը հիւսէ իր լուսաթոյր զգեստը գեղեցիկ,

Ապրէ´ գեղեցիկին հպումով, ոչ՝ տգեղին շունչով...

= Մռայլ ամպեր ծածկեցին երկինքը,

Մնացինք շէնշող արեւին անձկութեամբ ապրող

ակնթարթի սերունդը լոկ...

Յորդորներ շա՜տ տուին ու անցան,

Իրողութենէն բան չփոխուեցաւ սակայն:

Ու երբ մեր զգլխանքին մէջ գերագոյն,

Խմենք կեանքի գինին ցմրուր,

Արեւատենչ այգիներու խաղողին հիւթը ըմպած

Ըլլալու բերկրանքը ապրած պիտի ըլլանք,

այդքա՜ն միայն, ուրիշ ոչի´նչ:

Իսկ ո՜վ չի գիտեր սա ճշմարտութիւնը անմեկին:

Նոյն ծղրիթը չէ՜, որ իր վերջալոյսի սեմին՝

Պիտի երգէր թախծոտ իր երգը հեշտալուր,

Մի՞թէ մահուան սնարին մօտ նստած

Ալեհեր ծերունին պիտի չցանկա՜ր՝ տարի մը աւելի

Նախախնամութիւնը շունչ պարգեւէր իրեն,

Թէ՝ հազարագոյն փերթով ծաղիկները գարնան

Պիտի չբացուէի՞ն ընդհուպ աշխարհին, շուտո՜վ շիջելու,

Ո՜վ չի գիտեր, թէ այգը հրաշակերտ

Ծնո՜ւնդը չէ նոյնինքն խաւարին տխրատեսիլ...

Ո՜վ չի գիտեր, թէ չարն ու բարին զոյգեր են անբաժանելի

Ո՜վ չի գիտեր տակաւին, թէ վկաներն ենք միայն

Կեա՜նք կոչուած այս ակնթարթ խաբկանքին...

2011