ԻՄ ՇՈՒՐՋ
Իմ շուրջ դէմքեր անծանօթ,
Մարդիկ արտասովոր, օտարական,
Աշխարհ մը՝ այլափոխուած.
Բարեկա՞մ, սիրելի՞, ծանօ՞թ,
Անոնք չկան այլեւս.
Անոնք գացին մոռացութեան ուղիներէն,
Գացին օտար, հեռո՜ւ աշխարհներ,
Դարձան անծանօթ մարդիկ,
քաղաքացինե՜ր տարբե՜ր...
Անոնք չկա՜ն այլեւս.
Մնաց յիշատակն անոնց.
Մնաց կարօտը՝ անբաժան...
Մեր շուրջ մարդիկ օտարական,
Ամբոխներ շուարած,
թափառական,
Աշխարհ մը՝ կերպարանափոխուած
անիծուա՜ծ...
Կանգնած ճանապարհի եզրին,
Կը դիտեմ աշխարհն ու մարդիկ,
Ու հարց կու տամ կրկին անգամ.
- Ո՞ւր կ’երթայ ամբոխն այս մոլորած,
- Ե՜րբ աւարտի պիտի տռամն այս աղէտաւոր...
1987