ԻՄ ՄՈՐՄՈՔԸ, ԱՆԲԱԺԱՆ
Գրիչն իմ խռով ու թափառական
Կը փարատէ գիշերի խաւարը համատարած,
Կը վանէ թանձր տրտմութիւնը մէջս պատած.
Ուժ մը գերհզօր ու խորհրդաւոր
Զիս կը ստիպէ գրել հոգւոյս երգը տարտամ:
Երգերն իմ մելամաղձոտ,
Կը յանձնեմ մտերմիկ սպիտակ թուղթին.
Ոչինչ կ’ուզեմ աշխարհէն
Այլապէս ապերախտ ու պատրանաթափ,
Միայն կը ցանկամ բարին մարդոց,
Կը ցանկամ ազատագրումը մարդոց
Դարաւոր թմբիրէն ու մեղքերէն,
Կը ցանկամ բարին այս աշխարհին,
Բոլոր մարդոց, ամէնուրեք,
Միայն թէ դուրս գայ մարդը
Երկար ու խոտոր բաւիղէն,
Երգէ ազատագրութեան երգը յաղթական։
Ցաւն իմ հոգիին
Կը զսպեմ սրտիս ընդերքներուն,
խոպան ու անհաշտ,
Կը պահեմ զայն որպէս լուռ շիթ,
արցունք յորդառատ,
Չեմ ցանկար բաժնեկցիլ զայն որեւէ մէկուն
Թէկուզ ան ըլլար բարեկամ մտերիմ,
Իմ լաւն ու ուրախութիւնը միայն
Կ’ուզեմ բաժնել ես բոլորին.
Իսկ երգն իմ խոցուած ու մոլոր
Ես կ’երգեմ գիշերներուս միայնակ…
Բայց գրիչն իմ կը խլէ այդ երգը
Կ’ուզէ այդ եւս առնել ինձմէ
Չձգել ոչինչ ինծի հարազատ…
1989