ԻՄ ՀՈԳԻՆ
Իմ հոգին կրկին հարբած է այս գիշեր
Կեանքի անհուն վիշտերով,
Ներանձնական մորմոքներով,
Մռայլ, անբացատրելի մտորումներով...
Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքել,
Դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով,
Բայց իմ ուղին
Նոյն տարտամ ուղեւորութիւնն է
Մարդուն՝ երկա՜ր ու անվե՜րջ,
Ուր չկայ ելք,
Չկայ փրկութիւն ներանձնական,
Կայ միայն վիշտ հանապազօրեայ,
Անդարման վիշտ մը հոգեմաշ,
Կայ զոհաբերութեան մշտանորոգ
Տարերք այդ ուղիի վրայ:
Հոգիս մութ աշխարհ մըն է չվերծանուող,
Չեմ գիտեր ե՜ս իմ գիրը.
Կայ միշտ պարտադրուած
Այլընտրանք մը վնասաբեր:
Իմ վիշտը ամէնօրեայ,
Մարդկութեան ցաւն է անբուժելի,
Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ,
հետեւողական,
Ես ու աշխարհն այս՝ անկատար,
Կ’երթանք կորստեան ուղիներէ
անվերջ ու անսահման:
Իմ հոգին կրկին հարբած է այս գիշեր
Աշխարհի վիշտերով համակ:
1989