ԻՄ ՀՈԳԻՆ
Իմ հոգին հարբած է այս գիշեր
կրկին
Կեանքի անհուն վիշտերով,
Ներանձնական մորմոքներով,
Տխուր,անբացատրելի հոգերով...
Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքել,
Դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով,
Բայց իմ ուղին
Նոյն տարտամ ուղեւորութիւնն է
Մարդուն՝ երկա՜ր ու անվե՜րջ,
Ուր չկայ ելք,
Չկայ փրկութիւն ներանձնական,
Կայ միայն վիշտ հանապազօրեայ,
Անդարման վիշտ մը հոգեմաշ,
Կայ զոհաբերութեան մշտանորոգ
Տարերք այդ ուղիի վրայ:
Իմ ներսը մութ աշխարհ մըն է
չվերծանուող
Չեմ գիտեր ե՛ս իմ գիրը.
Կայ միշտ պարտադրուած
Փոխընտրանք մը վնասաբեր:
Իմ վիշտը ամէնօրեայ,
Մարդկութեան ցաւն է
անբուժելի
Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ
հետեւողական
Ես ու աշխարհն այս՝ անկատար,
Կ’երթանք կորստեան ուղիներով
անվերջ ու անսահման:
Իմ հոգին կրկին հարբած է այս գիշեր
Աշխարհի վիշտերովն համակ:
1989