Ի՞ՆՉՆ Է

Ի՞նչն է, որ մարդը կը կապէ այս աշխարհին,

Ինչպէս մագնիսական ուժը կը քաշէ երկիրն իրեն,

Եթէ ոչ սպասման յոյսը, հաւա´տքը վաղուան:

Ի՞նչն է, որ մարդը կը դարձնէ ազնիւ ու բարի,

Ինչպէս կրակի տակ ծեծուած երկաթը դարբինին,

Եթէ ոչ խանձող հուրը իր սիրելիներուն:

Ի՞նչն է, որ այս աշխարհը կը դարձնէ գրաւիչ,

Ինչպէս իր մարմնին հոգատար կինը հրապուրիչ,

Եթէ ոչ սա բնութիւնը՝ կախարդական, զգլխիչ:

Ի՞նչն է, որ արեգակին կու տայ ո՜ւժ՝ ծագելու կրկին,

Ինչպէս համակարգուած ջահերը ճամբեզրի,

Եթէ ոչ մարդուն ըղձանքը անոր յայտնումին:

Ի՞նչն է, որ մարդը կը կապէ այս կեանքին,

Ինչպէս մեղապարտը կը սպասէ գէթ մեղմ վճիռի,

Եթէ ոչ վաղուան սպասումը անձկագին,

Տարբեր՝ անցած բոլոր օրերէն տառապագին:

2010