Ո՜ՒՐ Է…
Ո՜ւր է Քրիստոսը մեր, որ պիտի գար
ու ազատագրէր մարդկութիւնը իր մեղքերէն։
Ո՜ւր է Քրիստոսը մեր, որ պիտի գար
ու մաքրէր կրկին տաճարները՝ պղծութիւններէն։
Ահա կրկին Բաբելո՜նը բազմալեզու ու խառնիճաղանճ,
Ահա դարձեալ Աստուծոյ տաճարը՝ խաբեբաներով,
աւազակներով յորդած,
Ամէնուրեք մամոնային պաշտամունքը տիրական,
Ու մարդն ինկած մեղքի ու չարիքի վիհերը մթին։
Ահա աշխարհը կրկին զոհն է բնութեան աղէտներուն,
Աստուծոյ անունով խօսող սուտ մարգարէներ՝
մարդոց իշխած,
Կրօնքը դարձած տիրութեան զէնքը հզօր,
Ու մարդկութիւնը ինկած բարոյալքումի որոգայթին մէջ
կործանարար։
Ո՜ւր է Քրիստոսը մեր, որ պիտի գար
եթէ ո´չ հիմա՝ հապա ե՞րբ պիտի գայ Ան
Ու մարդկութեան տար փրկութեան արշալոյսը նոր։
2004