ԻՂՁ
Երազներուս անսեթեւեթ, անպաճոյճ հարթութեան վրայ
Ընկողմանած՝ կը շոյէիր մազերս ցրիւ, անհնազանդ,
Երեկոյ մը կապտաւուն, երբ աստղազարդ ծովուն վրայ,
Մակոյկները ցիրուցան, կ’երգէին երգը գիշերուան։
Խորհուրդին նման թաքուն՝ եկար դուն վերստին,
Գտար ընկեր մը հին, կեանքի հոգերով բեռնաւորուած.
Ըսիր.- Մինա՞կ ես նորէն միտքերուդ հետ մտերմագին,
Կրնա՞մ ըլլալ ընկեր քեզի, միտքերուդ՝ խորասուզուած։
Բացի սիրտս քեզի՝ համակ կարօտ ու գուրգուրանք,
- Լեցո՜ւր, ըսի, երակներուս մէջ շունչէդ հեւք մը զուլալ,
Մաքրէ´ ներսս եւ ամոքէ ցաւերս անանց, յոյզերս տաք,
Որ վաղուան նայիմ ուրախ սրտով մ’անոխակալ։
Ո՜հ քամի քնքուշ,
Վանէ մէջէս թախծոտ, տխուր միտքերը խռովայոյզ ...։
2005