ՀՏՊԻՏՆԵՐՈՒ ԵՐԳԸ
I
Փախէ՜ք, գաճաճ հտպիտներն են, կու գան ընդառաջ,
Փողով ու թմբուկով կը նուաճեն փողոցները անճարակ:
Փախէ՜ք, պահեցէ´ք ձեր գլուխները, հասակը միալար,
Անոնք կու գան. արցունք ու ողբ երգեցէ´ք,
Մուր քսեցէք ձեր ճակատին, ու հեռացէք անձայն...
Պահը, տօնախմբութեան ժամն է հիմա,
Խժալուր երգի,
Խուլ նուագի ու գոռում-գոչիւնի,
Նոր ձայներու հանդէսի պահն է, ապիկար,
Փախէ՜ք, նախքան ձեր հոգիները հանէք վաճառքի...
Տեսէ՜ք՝ ինչպէ՜ս կը շեփորեն ամբոխները գինովցած,
Նոր երգի դափնեպսակ հագած վարպետներուն,
Տեսէ´ք կրքոտ պարը թզուկներուն,
Հեզաճկուն, թափահարող ձեռքերով կը պարեն անհո՜գ,
Վիզերն ի վար կապած խոպոպներ գոյնզգոյն:
II
Ժամն է ծիծաղի, խնճոյքի, սերենատի,
Իջէ՜ք փողոց, հտպիտներ մեր տխրադալուկ ժամանակի,
Երգեցէ՜ք ձեր երգը դիւթող հիփնոսացած ամբոխին,
Ձեր քուլայ-քուլայ լարերով հրապուրիչ, զգլխանք՝
Քո՜ւն տուէք գինով ու ցնորած այս ամբոխին:
Հիմա, ձեր պահն է, յիրաւի:
III
Յանկարծ, ձեռք մը թափահարելով, ամբոխին
Կու տայ ազդանշան՝ դադարի, հլու համակերպումի:
Կը լռեն երգերը բազմաձայն, պարերը կատաղի,
Կը շարուին միաձեւ՝ միմոսները շքահանդէսի,
Լսելու վարպետ գուսանին երգը,
որ եղերերգ մըն է երգէ աւելի,
Մերթ ընդ մերթ ծափողջոյններով ընդմիջուած:
Կը վերսկսի կրկին անխոնջ շուրջպարը ամբոխին,
Մինչ ուշ գիշեր կ’երգեն տաղասացները իմաստուն,
Մինչեւ որ համերգը ակամայ հասնի իր աւարտին.
Տուն կը դառնան պոչաւոր երամներով գոյնզգոյն՝
Մասնակիցները խուժանային, հուռագոչիւն հանդէսին։
IV
Ահա գացին, գացին ուրա՜խ՝ իրենց հանգիստին,
Հրապարակը գրաւած ուրուականները մեր ժամանակի,
Իջէ՜ք փողոց կրկին, անխօս աւելածուներ գիշերի,
Մաքրելու փողոցները աղբակոյտի վերածուած,
Իջէ՜ք, գրաւելու հրապարակը վերստին,
Հտպիտներէն առնելու փողերը նուագի:
Կ’երգեն լուռ, կ’երգեն անտարբեր ու առանձին,
Գիշերապահ աւելածուները, եւ մասամբ նոցին,
Կ’երգեն տենդոտ՝ ուրի՜շ երգ մը, գիշերին մէջ մթին,
Ժխորը հաւաքին տիրապետող արձագանգ է տակաւին.
Իրենք կ’երգեն այլոց, որ ականջ ունին ազնիւ ձայնի,
Իրենց երգը կորսուած երգն է անտարբեր ժամանակի։
Հիմա, ժամանակն է խժալուր երգի,
Մոլորեցնող երգի,
Օտարացնող ձայներու տօնահանդէսի,
Ծաղրածուներու եւ գաճաճներու երգի...
Կեցցէ՜ք վարպետներ այս դժխեմ ժամանակի...:
2011
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 14-2011, էջ 40-41։