ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔ

Գնա՜: Մեկնի՜ր մոռացութեան ուղիներով.

Ես կը լքեմ սէր մը, սաղմին մէջ այսօր:

Ինծի պէտք չեն խաբուսիկ ու սին սէրեր,

Ինծի պէտք է համոզում ու համակ նուիրում:

Կը լքեմ պատահական կիրքերը երէկի,

Անիրական ապրումները սնամէջ,

Կ’ուզեմ սէր մը ճշմարի՜տ, անեղծ,

Սէր մը, որ տայ ինծի վերելք յարատեւ:

Ունա՜յն են օրերը այս կեանքի,

Հովին նման կու գան ու կ’անցնին.

Ինծի պէտք են յոյզեր, ներշնչումներ,

Վաղուան արշալոյսին հաւատացողներ:

1985