ՀՐԱՇՔԸ ՄԱՐԴՈՒՆ
Ձմեռ էր, գարունը երազեցինք.
Գարունը եկաւ, շոգ ամառ է կարծես.
Իսկ մենք շուարած... արդէն երէկը կը փնտռենք.
Խե՜ղճ աշուն. մնացի՜ր դուրս
Այս խաղէն անգութ:
Եղանակներն ալ խաբկանք դարձան,
Ինչպէս գարնանային յոյզերը երէկի,
Ժամանակի երկաթեայ թաթը անագորոյն
Տարբեր ծրագիր էր մշակած մարդուն:
Բայց հոգին մարդուն, ինչպէս ծծումբէ սպունգ,
Դեռ կը ձուլէ իր մէջ բազում ցաւ, հծծիւն ու կսկիծ,
Ու կու տայ անոր նոր լիցք, ու հաւատք անսպառ,
Վառելու պատրոյգը կրկին իր հոգիին մարած:
Ի՞նչ է, մարդ, գաղտնիքդ այս հրաշք:
2011