ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Առասպելներու,

Բզկտուած ճշմարտութեան,

Մեղկ իրողութեան դէմ յանդիման

Կը տուայտինք ամէն օր -

Առանձնապէս,

Հաւաքաբար:

Թանձր, յուսահատ այս իրավիճակին մէջ

Մեր տղմաթաթախ կօշիկէն կը փորձենք ելլել վե՜ր,

Զգենուլ ամենագէտի պատմուճան,

Բայց կը մերկանանք մեր խեղճութեան դիմաց...

Ամուլ են միտքերը, բեկուած՝ հոգիները,

Դատարկ է շրջապատը, ամէնքը՝ ծուարած անկիւններ,

Հրապարակի վրայ են միայն

Նորելուկ մարգարէները լրջախոհ,

Կը քարոզեն իրենց աստուածներէն հզօր ու ոգեղէն,

Կը խօսին փրկութեան մօտալուտ ժամանումին,

Իրե՜նց աստուածներուն գալստեան ժամկէտին մասին՝

Բարձր ու անառիկ իրենց ամրոցներէն...

Համր, նօթի ու անտէր ամբոխները մոլորած

Կը սպասեն գալիք փրկարարին՝

Բռնազբօսիկ յոյսերով ծարաւի...

Կը տուայտին անոնք ամէն օր –

Առանձնապէս,

Հաւաքաբար:

Սպասեցէք երկա՜ր, ձեր մեսիային, որ պիտի գայ,

Սպասեցէ՜ք հաւատքով մը անկոտրում,

Թշուառ ու լքուած ամբոխներ մեր տխուր ժամանակի:

Սպասեցէ´ք, մերկ ու ծարաւի,

Փրկութեան կանչին՝ կազմ ու պատրաստ:

Սպասեցէ՜ք ձեր աստուածներուն գալուստին մօտակայ։

Ես կը սպասեմ ճշմարտութեան ճառագայթումին՝

Երկրին ընդերքէն ժայթքող,

Մարդոց կիրքերէն ու ցասումէն բխող

Հզօր այդ օրուան բախտորոշ...:

2009