ՆԵՀՐՈՅԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իր ուղեւորութեան մէջ կէս դարու,
Անցաւ ան կեանքի քառուղիներէ տարբեր,
Հպարտութեամբ տեսաւ մա՜րդը մեր օրերու,
Կ’երկնէ հրաշքներ բազում, կը կերտէ նոր
Աշխարհ՝ մտքին հանճարով, բազուկով իր արի՜։
Անցաւ ան բոցի ու աւերակներու արանքներէն,
Տեսաւ նոյն մարդը, կը քանդէ իր արարածը՝
ի՜ր իսկ ձեռքերով,
Վիշտ, ահ ու սարսափ կը սփռէ չորսդին,
Կը սերմանէ բարիք՝ գարնան,
Կը հնձէ չարիք՝ աշնան.
Կը ցանէ տառապանք իր մեղկ ձեռքերով,
Ու ատելութիւն կը քաղէ իր գորշ ճիրաններով։
Ապշած նայեցաւ իր ետին, տեսաւ մշուշոտ
Քաղաքը մանկութեան՝ մեղքի ու արեան մէջ։
Նայեցաւ առաջ, աշխարհին, որ կ’եռեւեփէր,
Շէնշող լոյսերու խօլական պարին կշռոյթով,
Տեսաւ հոն հնոց մը անդիմագիծ նոր մարդու,
Ուր, միօրինակ, ծանծաղ տեսքով
Կերպարներ կը ստեղծուին օրնիբուն։
Նստեցաւ շուարած ճամբեզրի նստարանին,
Աչքերը յառած երկնքին անհուն։
Ինչո՞ւ այսպէս է, հարց տուաւ ան, ափսոսանքով։
Նեհրօ՜, Նեհրօ՜, - բացագանչեց ձայն մը հեռուէն.-
Ինչո՞ւ շշմած, այդքան կսկի՜ծ կայ քու ներսիդին.
Դուն մարդ ես այլոց նման, որ եկան ու գացին,
Մի՞թէ անտարբեր էին անոնք իրենց ցաւերուն,
Կամ անհոգ՝ իրենց ճակատագրին անագորոյն,
Կու գան ու կ’երթան քեզ նման հարցադրումներով,
Բայց պատասխան չունին իրենց հոգիներուն մէջ,
Կ’ապրին, կը տխրին, կը հրճուին, կը սիրեն քեզ նման,
Կ’ատեն պահը, որ դարձաւ իրենց նպատակ։
- Ելի՜ր, քալէ՜ ճանապարհը քեզի վիճակուած,
Ու սոսկա՜ շուքէն, որ դարձաւ քեզի ընկեր...
Քալեց Նեհրօ Ամազոնի անտառներէն մութ,
Նոր Աշխարհի երկնաքեր պողոտաներէն աղմկոտ,
Մինչեւ Արեւելքի թանձր պարիսպները ամեհի,
Անցնելով Նեղոսի տղմուտ ջուրերէն պղտոր.
Տեսաւ անդուլ ճիգը մարդուն, հեւքը՝ անբացատրելի,
Ապշեցաւ երկա՜ր՝ անոր ցաւին ու խնդուքին,
Իր մէջ ամբարած աւիշին ու կեանքին,
Իր կորովի ոգիին, անտեղիտալի,
Ու կեանք կոչուած առեղծուածին անըմբռնելի.
Տարօրինակ կտաւ մը բազմաշերտ երանգներով,
Որ մերթ թախիծ, մերթ յոյս ու լոյս կը սփռէ չորսդին.
Չգտաւ իմաստ իր մտորումներուն խորաթափանց,
Բացի եղելութիւնը որպէս բացարձակ վիճակ։
Ապա գնաց տուն եւ գրեց պոէմ մը երկա՜ր,
Ու անուանեց զայն՝ «անաւարտ ճամբորդութիւն»։
2012
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 15-2012, էջ 46-47։