ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

I. ՔԱԼԷ՛ ԱՌԱՋ

Քալէ´, քալէ´, որդի,

Կիրճերէն վեհաշուք,

անձաւներէն տամուկ,

Քալէ´ առաջ, դէպի հորիզոնը պայծառ,

Քալէ´ դէպի բարձունքը անհաս։

Ճեղքէ´ լեռները խրոխտ, սարերը հպարտ,

Դուն՝ անհունին կարեվէր,

Երկինքներուն անհպելի,

Քալէ´ անվերջ, տեսիլքներուդ հետամուտ,

Բայց յիշէ´ ճանապարհին, դադարի պահերուն,

Ինչքան սլանաս վե՜ր,

Եւ որքան յառաջանաս,

Դեռ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է գագաթը նուիրական:

Բայց քալէ´, որդի, քալէ´ առանց հրաժեշտի,

առանց խոնջէնքի,

Կանգ չառնես վայրկեան մ’իսկ քու սլացքիդ ընթացքին,

Դադարը մահ է, ցաւերու վերյուշ է, եւ ունայնի տագնապ,

Կանգառը միջոցին, բզկտող լլկում է ու մահաքուն,

Դուն նայէ հեռուն ու քալէ առաջ,

Նայուածքդ յառած անհունին կապոյտ։

Բայց եւ գիտցիր - որպէս իրողութիւն պարզ -

Թէ՝ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է հրաշք ափը պատրանքներուդ,

Գուցէ եւ անհասանելի՝ այս կեանքի ընթացքին:

Քալէ´, անցի՜ր, որդի, այս աշխարհէն, արագ...:

II. ՔՈՒ ՀԵՐԹԸ

Հիմա կանգ առ պահ մը միայն, որդի՛,

Ու դիտէ´ շուրջդ, կատղած ու ապստամբ,

Նայէ´ այն խենթ օրերուն, որոնք մերն են,

Տե´ս թէ ինչպէս կը կործանին կայսրութիւններ,

Ոտքի կոխան կ’ըլլան բռնապետեր հնաւանդ,

Տե´ս թէ ինչպէս Նոր գարունի մը երազանքը

Կը ծնի կրկին ոտքերուդ առջեւ։

ՆայԷ´ ու հպարտացիր, որդի՛,

Վաղ թէ ուշ անկցի՜ն պիտի խորհրդանիշերը՝

Պիղծ, սնափառ ու վայրենի,

Ու ձմրան երկա՜ր գիշերները, խիստ ու կատաղի,

Պիտի փարատին. այդպէս է երգը ժամանակի,

Ու խորհուրդն այս աշխարհի:

Տե´ս թէ ինչպէս երամներ ծիծղուն

Կը սաւառնին կրկին երկնակամարին,

Ու երգերը գարնանային

Կը պարուրեն անդաստանները քու անեղծ հոգիին,

Տե´ս այս բոլորը եւ հրճուէ՜, սիրելիս,

Թող խինդն ու ծիծաղը ըլլան անբաժան

Քու ճանապարհին, քու երթին ակնթարթային,

Բայց եւ գիտցի´ր, որդի՛, գիտցի´ր հաստատ՝

Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,

Այն ինչ կը վկայես քու անեղծ աչքերով,

Բազում ուրիշներ եղան նոյնին վկան,

Ապրեցան քեզ նման նոյն այդ պահերը՝

Սեւ եւ սպիտակ, ու հեռացան ընդմիշտ

Ձեռնունայն...

Քալէ´, քալէ´, որդի՛, այս աշխարհէն, արա՜գ...: