ՀԱՒԱՏՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ

Առագաստի մը նման, լուսաճաճանչ,

Հեռացար մայրամուտի ալիքներուն հետ,

Եւ դարձար պայծառ կէտ մը, յիշատակի,

Որ մէջընդմէջ կը պարզուի մտահորիզոնիս դիմաց:

Հեստ ծովուն դիմաց, խաղաղարար

Այն ափն էի, ուր կը նահանջէիր

Գիշերային քամիներէն ապաստանած,

Երկա՜ր թափառումներէդ յոգնած,

Ու կը յանձնուէիր սիրոյս անսպա՜ռ:

Կ’ընդունէի քեզ լուռ, երկիւղած,

Թաքուն յարկէս ներս,

Որպէս լրումը երկարատեւ սպասումիս,

Մաքրազտումը՝ ցաւատանջ գիշերներուս,

Ծնունդը՝ նոր կեանքի մը արշալոյսին…

Հեռացած դուն թէեւ, բայց ես ծովեզրին նստած,

Կը սպասեմ վերադարձիդ խոստացած.

Ու օր մը, գիտեմ, պիտի դարձեալ յայտնուիս

Աղջամուղջին ընդմէջէն ու ըսես.-

Դո՜ւն ես սիրոյս վէպը անաւարտ...:

1985