ՀԱՐՑԸ

Բոլոր իմաստուններն աշխարհի,

Նոր թէ հին բոլոր մեծերը անժամանցելի,

Փորձեր են լուծել առեղծուածը հին,

Մարդու գոյութեան նպատակին:

Եւ սակայն, ըմբռնումները եղեր են տարբեր,

Որոնումները մնացեր են զուր փորձեր,

Ո՛չ ոք կրցեր է լուծել մեծ հարցականը,

Որ մնացեր է հանգոյց մը գորդեան:

Ահա նաեւ ես, նոյն հարցին դէմ յանդիման,

Կ’որոնեմ իմաստը այս անդուլ վազքին,

Որ ճակատագրուած է սա թշուառ մարդուն

Բայց չեմ գտներ ո՛չ մէկ իմաստ ու մեկնութիւն:

1986