ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՆ
Ինծի հարց կու տան մարդիկ.-
«Ինչո՞ւ այս տխրութիւնը,
այս դառնութիւնը
Միշտ քու դէմքէդ անպակաս...»
Ի՜նչ ըսեմ ես անոնց,
այդ մարդոց հետաքրքիր
բայց անտարբեր...
Ի՜նչ ըսեմ տարտամ գետակին,
Որ միանալու է կլանող ծովին,
Ի՜նչ ըսեմ մահամերձին՝
Իրեն վիճակուած ճակատագրին մասին:
Ի՜նչ ըսեմ իմ ցաւին մասին
անբացատրելի,
Որ անհուն է անջրպետին նման.
Ո ՜վ կրնայ սահմանագծել անոր տարածքը
Թափանցել անոր խորքերը մութ.
Տարիներուն հետ ան կ’աճի
Մեղկ ու անբուժելի խլիրդի մը նման:
Ո՜վ կրնայ բացատրել ու հասկնալ
Տագնապներու մէջ խորասուզուած
հոգի՜ն մարդուն,
Ո՜վ կրնայ սահմանել ներքին տարերքները
Առարկայականօրէն ու այդքան դիւրի՜ն:
Իմ ցաւը աւելի մե՜ծ է, հաւատացէ՜ք.
Մարդո՜ւն հետ ծնած ու մեծցած
Աճեր է դարերու իմաստութեամբ...
Ի՞նչ ըսեմ, որ անոնք հասկնան,
Թէ իմ կսկիծը, իմ տրտմութիւնը անբաժան,
Իմ անձի սոսկական գոյութենէն անդին
Իմ շրջապատի չարիքով,
կեղծիքով է սնուցուած.
Մարդուս ամէնօրեայ ու անլուծելի
Հարցերու,
Ախտերու,
Տառապանքի գումարն է՝
իր մէջ ցոլացուած.
Թէ իմ հոգին, բաց պատուհանի մը նման,
Վարժ է դարձեր խոցող ցուրտին,
խեղդուկ ճիչին,
ու այլոց անկոչ վիշտերուն...
Ի՞նչ ըսեմ, որ դուք չէք գիտեր,
իմ հետաքրքիր բարեկամներ
ու սիրելիներ հարազատ:
Դո՜ւք էք իմ ցաւը...
Դուք կ’ապրի՜ք այդ ցաւը
ամէն օր,
ամէն վայրկեան,
ամէնուրեք.
Դուք ծանօթ էք իմ տխրութեան՝
անդիմադրելի
հոգելլկող
Կը ճանչնա՜ք հրէշն այդ,
Որ բոյն է դրեր ձեր մէջ եւս,
Դուրս է շպրտեր վաղուան յոյսերը բոլոր.
Գուցէ ընդուներ էք զայն
որպէս յաղթանակող իրականութիւն...
Ու հարց կու տան տակաւին
Մարդիկ ծանօթ-անծանօթ՝
Ինչո՞ւ կրկին տխուր է քու հոգին...
1994