ՀԱՊԱ ԻՆՉՈ՞Ւ…

Ամէն բան աշխարհի վրայ եթէ գին մը ունի որոշապէս,

Հապա ո՞րն է հեղուող գինը արեան ամէն օր գետի պէս.

Ո՞րն է գինը մարդու տառապանքին ու խաչելութեան,

Որ գետնաքարշ կրած կը տանի մինչեւ մութ գերեզման։

Եթէ արդարութիւն կայ աշխարհի վրայ միանշանակ,

Հապա ինչո՞ւ խաչուեցաւ Միածին Որդին Աստուծոյ.

Իսկ եթէ փրկութիւն մը կայ Մարդուն ի վերջոյ,

Հապա ինչո՞ւ ան կը յամենայ այսքան ժամանակ։

Եթէ բարին ու խոնարհը ընտրեալներն են աշխարհին,

Հապա ինչո՞ւ անոնք կը մեկնին անժամանակ ու վաղ,

Ու աշխարհը կը թողուն չարերուն, հրէշներուն ճիւաղ,

Որ իրենց վատութեամբ տիրեն անզօր աշխարհին։

Եթէ աշխարհը կործանման կ’երթայ արագավազ,

Հապա ինչո՞ւ կը ծնին մանուկներ անմեղ ու սիրուն,

Որ դառնան զոհե՞րը մարդկութեան դաժան գործերուն,

Ու խմեն անոր վիճակուած բաժակէ՞ն դառնահամ։

Եթէ հարցադրումս մեղանչում է Աստուծոյ դէմ,

Հապա ինչո՞ւ թողութիւնը, քաւութիւնը մեզ է շնորհուած.

Իսկ եթէ համեստս մեղք կը գործէ այս պահուն,

Այն ատեն, թողութիւնը թող այդ մեղքը մաքրելու գայ...։

2005