ՈՂԻՄՊԻՈՍԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ
Ողիմպոսի լեռներու գագաթին թառած
Սոկրատի,
Պղատոնի,
Արիստոտէլի աստուածնե՜ր...
Ձեր բարձունքներէն երկիրը դրախտ է հրաշագեղ,
Թանձր ու խոնաւ ամպերուն՝
Բագոսի քաղցրաբոյր գինին է եթերը լեցուցած.
Լեցուցէք իմ հոգին ձեր գինիով մոլորեցնող,
Գեղեցկութեան աստուածուհի Աֆրոտիթի հրաշքով,
Ալֆան եւ Օմեկան ճաշակեմ այս աշխարհի
Ձեր գերզօր աստուածներուն ուրախութիւնն ու
Վիշտը թաթխեմ իմ յոգնատանջ հոգիին,
Պուզուքիի մեղմ ու հոգեթով նուագին հետ,
Ապա երթամ սուզուիլ ձեր աշխարհին մէջ խե՜նթ,
Աշխա՜րհ մը, ուրկէ օր մը՝
Աթենայի իմաստութեան արեգակը
Հերայի սիրոյ հրայրքն ու
Ապողոնի հոգիի, մտքի անմահութեան թռիչքները
Անցան ու գացին հեռու։
Ողիմպոսի լեռներու գագաթին բազմած աստուածնե՜ր...
Իջէ՜ք իմ հոգիէն ներս այս գիշեր,
Որպէս առինքնող երազ քաղցրահամ,
Որպէս խոյանք մը խօլական,
Տարէ՜ք զիս ձեզի հետ ձեր գագաթներն ի վեր,
Հոն ուր գեղեցիկին, անմահին պատրանքն է հրակէզ,
Հոն ուր մերկահրապոյր կիներն են նազանի
Գինեթաթախ իրենց ծիծերով յուռթի,
Հոն ուր վիշտը մտքի վայելք է զուարճալի,
Հոն ուր վայելքն ու սէրը՝ մարզանք են առօրեայ,
Տարէ՜ք զիս ոլորտները ձեր հեթանոս սիրոյն,
Մասնակից դառնալու ձեր խնճոյքին մեղկ,
Սուզուելու պա՜հ մը երեկոյին ծոցը խենթ,
Ձեր աշխարհի անհո՜ւն, անդնդախո՜ր յատակները,
Ձեր արեւափառ, սիրազեղ կեանքին մասնակից։
Ողիմպոսի լեռներու գագաթին թառած,
Լաւայի մը նման հրաբորբոք իմ հոգին
Կը պոռթկայ դուրս, խօլական....։
2007