ՀԱՅՐ ԻՄ

Դեկտեմբերեան ցուրտ առաւօտ մը

Հեռացար մեզմէ, առանց հրաժեշտի,

Առանց խրատի կամ ամէնօրեայ ցուցմունքներու.

Կարծես յոգնած էիր սովորական բառերէն,

Ձանձրացած էիր շրջապատէն ապերախտ.

Կ’ուզէիր հեռանալ անվերջ մաքառումներէն,

Որ «կեանք» պիտակին տակ քեզ էր հրամցուած:

Յոգնած էիր տառապալից ուղեւորութենէն,

Մարդիկ շուրջդ դարձած էին առեղծուած.

Որոնումդ Մարդու՝ Դիոգինէսի որոնումն էր

իր լապտերով ծանօթ:

Կարծես մե՜նք եւս անծանօթներ էինք քեզի,

Օտար՝ քու երազին,

Անհաս՝ քու տեսիլքին,

Եւ երեւի այդ ցաւդ էր գերագոյն

Զոր մենք չըմբռնեցինք ատենին:

Հայր իմ,

Հեռացար կանո՜ւխ այս աշխարհէն,

Երբ մենք կարիքդ ունէինք խիստ.

Հաւատացինք, որ առանց քեզի, մեր կեանքի նաւը

Կարող ենք նաւարկել հեզասահ ու անփոյթ.

Հաւատացինք որ կորուստդ անժամանակ

Կարող ենք դարմանել մեր «իմաստութեամբ»...

Մենք չարաչար սխալեցանք.

Արտաւազդեան մեր հեգնանքին մէջ,

Կարծեցինք տիրել աշխարհին...

Ու հիմա, կը փորձենք ուղղել մեր նաւը

ալեկոծ ծովուն վրայ,

Բայց մեր նաւը անսաստ կը մնայ կորսուա՜ծ

Մութ գիշերին մէջ տարտամ...:

1993