ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԺԱՄԸ…
Իննսուն դժնդակ տարիներ,
- Ո՜վ թուրք ցեղ զազրագործ -
Փականի մը նման
Գերեզմանեցիր խիղճդ Արհաւիրքին դիմաց.
Դաւադրեցի´ր,
Ուրացա՜ր,
Ստեցի՜ր՝ նենգաբար ու յոխորտալով,
Հաւատացիր՝ թէ սարսափով ու դաւերով
Պիտի մոռցնէիր արիւնալի էջերը հայուն նախճիրին,
Դարձնէիր զայն անթեղուած յիշողութիւն միայն,
Սրբէիր, թրքավայել բարբարոսութեամբ,
Հայուն հետքը իր հողին վրայ.
Աճիւնները լքելով Տէր Զօրի խանձող աւազներուն տակ
Արար աշխարհին ծիծաղելով ցո՜յց տայիր,
Թէ ի՜նչ հզօ՜ր ու մե՜ծ է թուրքին «Ալլահ»ը՝
Որ մաքրած է երկիրը «կեաւուր» հայուն մղձաւանջէն։
Իննսուն երկա՜ր տարիներ,
- Ո՜վ թուրք ցեղ արիւնարբու -
Վարպետ գերեզմանափորի մը նման
Թաղեցիր արդարութիւնը մարդկութեան երեսէն,
Խեղաթիւրեցի՜ր,
Խաբեցի՜ր,
Լռեցուցի´ր մարդկութիւնը՝
Մերթ քծինքով,
Մերթ սպառնալիքով,
Հաւատալով, թէ մնացորդացը հայուն՝
Վաղ թէ ուշ պիտի փոշիանայ կամ մոռնա՜յ...
Մոռնայ առ յաւէտ,
Որ թուրքի վայել բարբարոսութեամբ
Եաթաղանեցիր ազգ մը ամբողջ, վայրագօրէն,
Նետելով զայն աքսորի,
Ոչնչացման ճակատագրին գիրկը տարաբախտ,
Եւ ամբարտաւան սոնքութեամբ մը
Պարտադրեցիր արար աշխարհին,
Թէ թուրքին «Ալլահ»ը ամենակալ՝
Հաշիւ ունի տալիք ոչ ոքի այս աշխարհին վրայ...։
Բայց ի զո՜ւր։
Չթաղեցիր դուն հայը՝ չարագուշակ անցեալի խորը։
Սպաննեցիր մարմինը՝ բայց չբեկանեցիր անոր կա´մքը։
Մահուան ժահրը զոր դուն սրսկեցիր ամէնուրեք,
դարձաւ գոյութեան վրէ՜ժ,
Ատելութիւնը, զոր դուն սփռեցիր իր էութեան մէջ,
դարձաւ յարութեան ե՜րգ,
Կամքը, զոր ձգտեցար ջլատել իր ոգիին մէջ,
դարձաւ կեանքի մարտահրաւէ՜ր,
Երթը, զոր փորձեցիր եղեռնով ու դաւով կասեցնել,
եղաւ ցասում ու վրէժ,
եղաւ յաղթերգութիւն՝ Արցախի մէջ։
Լսէ´, հայը կը բախէ դուռդ հիմա, ուժգնօրէ´ն,
արեան մուրհակները ձեռքին,
արդար վրէժխնդրութեամբ,
Յաղթութեան ղօղանջները կը հնչեն ծագէ ծագ,
յարութեան շունչով զօրացած։
2005